Armenian (Western): NT 1Անոնց ամբողջ բազմութիւնը կանգնեցաւ, տարին զայն Պիղատոսի,
2եւ սկսան ամբաստանել զինք ու ըսել. «Ասիկա գտանք, որ կը խոտորեցնէր մեր ազգը, կ՚արգիլէր կայսրին հարկ տալ, եւ կ՚ըսէր իր մասին թէ ինք Քրիստոսն է՝ թագաւորը»:
3Պիղատոս հարցուց անոր. «Դո՞ւն ես Հրեաներուն թագաւորը»: Ան ալ պատասխանեց անոր. «Դո՛ւն կ՚ըսես»:
4Ուստի Պիղատոս ըսաւ քահանայապետներուն եւ բազմութեան. «Ես ո՛չ մէկ յանցանք կը գտնեմ այս մարդուն վրայ»:
5Բայց անոնք կը պնդէին ու կ՚ըսէին. «Կը գրգռէ ժողովուրդը, եւ կը սորվեցնէ ամբողջ Հրէաստանի մէջ՝ Գալիլեայէն սկսած մինչեւ այստեղ»: 6Պիղատոս՝ լսելով Գալիլեայի մասին՝ հարցուց թէ այդ մարդը Գալիլեացի՛ է: 7Երբ գիտցաւ թէ Հերովդէսի իշխանութեան կը պատկանի՝ ղրկեց զայն Հերովդէսի, քանի որ ա՛ն ալ Երուսաղէմ էր այդ օրերը: 8Երբ Հերովդէս տեսաւ Յիսուսը՝ չափազանց ուրախացաւ, որովհետեւ շատո՛նց կ՚ուզէր տեսնել զայն. քանի որ շատ բաներ լսած էր անոր մասին, ու կը յուսար տեսնել նշան մը՝ կատարուած անով: 9Շատ խօսքերով հարցաքննեց զայն, բայց ան ոչինչ պատասխանեց անոր: 10Քահանայապետներն ու դպիրներն ալ կեցած էին, եւ սաստիկ կ՚ամբաստանէին զինք: 11Հերովդէս ալ՝ իր զօրականներուն հետ՝ անարգեց զայն, ու ծաղրելէն ետք՝ հագցուց անոր փառահեղ տարազ մը եւ ետ ղրկեց Պիղատոսի: 12Այդ օրը Պիղատոս ու Հերովդէս բարեկամ եղան իրարու հետ. որովհետեւ նախապէս թշնամութիւն կար իրենց միջեւ: 13Պիղատոս հաւաքեց քահանայապետները, պետերն ու ժողովուրդը, 14եւ ըսաւ անոնց. «Այս մարդը բերիք առջեւս՝ ժողովուրդը խոտորեցնողի մը պէս, բայց ես՝ ձեր առջեւ հարցաքննելով՝ ձեր ամբաստանութիւններէն ո՛չ մէկ յանցանք գտայ այս մարդուն վրայ, 15ո՛չ ալ Հերովդէս, որովհետեւ անոր ղրկեցի ձեզ. եւ ահա՛ մահուան արժանի ոչինչ ըրած է: 16Ուրեմն պատժեմ զայն, ու արձակեմ»: 17(Արդարեւ տօնին ատենը՝ հարկ էր որ մէկը արձակէր անոնց:) 18Ամբողջ բազմութիւնը միասին աղաղակեց. «Վերցո՛ւր ասիկա, եւ Բարաբբա՛ն արձակէ մեզի» 19(որ բանտը նետուած էր՝ քաղաքին մէջ եղած ապստամբութեան մը ու մարդասպանութեան համար): 20Իսկ Պիղատոս՝ ուզելով Յիսուսը արձակել՝ դարձեալ խօսեցաւ անոնց: 21Բայց անոնք կը գոչէին. «Խաչէ՛, խաչէ՛ զայն»: 22Ինք երրորդ անգամ ըսաւ անոնց. «Բայց ի՞նչ չարիք ըրած է. ես մահուան արժանի ո՛չ մէկ պատճառ գտայ անոր վրայ. ուրեմն պատժեմ զայն եւ արձակեմ»: 23Իսկ անոնք կը պնդէին բարձրաձայն աղաղակներով ու կը պահանջէին որ խաչուի. եւ անոնց ու քահանայապետներուն ձայները յաղթեցին: 24Ուստի Պիղատոս վճռեց որ անոնց պահանջածը ըլլայ: 25Արձակեց անոնց՝ իրենց պահանջած մարդը, որ բանտը նետուած էր ապստամբութեան ու մարդասպանութեան համար, իսկ յանձնեց Յիսուսը անոնց կամքին: 26Երբ կը տանէին զայն, բռնեցին Սիմոն Կիւրենացի կոչուած մէկը՝ որ արտէն կու գար, եւ դրին խաչը անոր վրայ, որպէսզի կրէ Յիսուսի ետեւէն: 27Ժողովուրդը կը հետեւէր անոր՝ մեծ բազմութեամբ, նաեւ կիներ՝ որոնք կը հեծեծէին ու կ՚ողբային անոր վրայ: 28Յիսուս դարձաւ անոնց եւ ըսաւ. «Երուսաղէմի՛ աղջիկներ, մի՛ լաք իմ վրաս, հապա լացէ՛ք դուք ձեր վրայ ու ձեր զաւակներուն վրայ: 29Որովհետեւ ահա՛ կու գան օրերը՝ որոնց մէջ պիտի ըսեն. “Երանի՜ ամուլներուն եւ այն որովայններուն՝ որոնք չծնան, ու ծիծերուն՝ որոնք կաթ չտուին՝՝”: 30Այն ատեն պիտի սկսին ըսել լեռներուն. “Ինկէ՛ք մեր վրայ”, ու բլուրներուն. “Ծածկեցէ՛ք մեզ”: 31Որովհետեւ եթէ ա՛յսպէս կ՚ընեն դալար փայտին, հապա ի՞նչ պիտի ընեն չորին»: 32Երկու ուրիշներ ալ՝ չարագործներ՝ տարին անոր հետ, որպէսզի մեռցուին: 33Երբ հասան Գագաթ կոչուած տեղը, հոն խաչեցին զայն եւ այդ չարագործներն ալ, մէկը աջ կողմը ու միւսը ձախ կողմը: 34Յիսուս ըսաւ. «Հա՛յր, ներէ՛ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ՚ընեն»: Յետոյ անոր հանդերձները բաժնելու ատեն՝ վիճակ ձգեցին: 35Ժողովուրդը կայնած՝ կը դիտէր. պետերն ալ անոնց հետ կը քամահրէին զայն ու կ՚ըսէին. «Ուրիշները փրկեց, ինքզի՛նքն ալ թող փրկէ, եթէ ի՛նք է Քրիստոսը՝ Աստուծոյ ընտրեալը»: 36Զինուորներն ալ կը ծաղրէին զայն. կու գային առջեւը, քացախ կը մատուցանէին անոր, 37ու կ՚ըսէին. «Եթէ դո՛ւն ես Հրեաներուն թագաւորը, փրկէ՛ դուն քեզ»: 38Եւ գրութիւն մը գրուած էր անոր վրայ՝ յունարէն, լատիներէն ու եբրայերէն գիրերով. «Ա՛յս է Հրեաներուն թագաւորը»: 39Այդ կախուած չարագործներէն մէկը կը հայհոյէր անոր ու կ՚ըսէր. «Եթէ դո՛ւն ես Քրիստոսը, փրկէ՛ դուն քեզ, նաեւ մե՛զ»: 40Իսկ միւսը՝ յանդիմանելով զայն՝ ըսաւ. «Դուն չե՞ս վախնար Աստուծմէ, որովհետեւ նոյն դատապարտութեան մէջ ես: 41Մենք՝ իսկապէս արդարաբար, քանի որ ահա՛ կը ստանանք մեր ըրածներուն արժանաւոր հատուցումը. բայց ասիկա անտեղի ո՛չ մէկ բան ըրաւ»: 42Եւ ըսաւ Յիսուսի. «Տէ՛ր, յիշէ՛ զիս՝ երբ գաս քու թագաւորութեամբդ»: 43Յիսուս ալ ըսաւ անոր. «Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ քեզի. “Դուն ա՛յսօր ինծի հետ պիտի ըլլաս դրախտին մէջ”»: 44Գրեթէ վեցերորդ ժամն՝՝ էր, երբ խաւար եղաւ ամբողջ երկրին վրայ՝ մինչեւ ժամը ինը. արեւը խաւարեցաւ, 45ու տաճարին վարագոյրը պատռեցաւ մէջտեղէն: 46Յիսուս բարձրաձայն գոչեց. «Հա՛յր, քո՛ւ ձեռքերուդ մէջ կ՚աւանդեմ իմ հոգիս»: Ու երբ ըսաւ ասիկա՝ հոգին տուաւ: 47Հարիւրապետը՝ տեսնելով պատահածը՝ փառաբանեց Աստուած եւ ըսաւ. «Ի՛րապէս այս մարդը արդար էր»: 48Այս տեսարանը դիտելու համար հաւաքուած ամբողջ բազմութիւնը՝ պատահածները տեսնելով՝ կը ծեծէր կուրծքը ու կը վերադառնար: 49Իր բոլոր ծանօթներն ալ հեռուն կայնած էին, նոյնպէս ալ կիները՝ որ ուղեկցեր էին իրեն Գալիլեայէն, եւ կը տեսնէին այս բաները: 50Մարդ մը կար՝ Յովսէփ անունով, որ խորհրդական էր, բարի եւ արդար մարդ մը, 51(ասիկա հաւանութիւն տուած չէր անոնց ծրագիրին ու արարքին,) Հրեաներուն Արիմաթեա քաղաքէն. ի՛նք ալ կը սպասէր Աստուծոյ թագաւորութեան: 52Ասիկա գնաց Պիղատոսի քով եւ խնդրեց Յիսուսի մարմինը: 53Ու խաչէն իջեցնելով զայն՝ փաթթեց կտաւով եւ դրաւ վիմափոր գերեզմանի մը մէջ, ուր բնա՛ւ մէկը դրուած չէր: 54Այդ օրը Ուրբաթ էր, ու Շաբաթը պիտի սկսէր: 55Այն կիները՝ որ անոր հետ եկեր էին Գալիլեայէն՝ հետեւեցան ու տեսան գերեզմանը, եւ թէ ի՛նչպէս հոն դրուեցաւ անոր մարմինը: 56Ու վերադառնալով՝ բոյրեր եւ օծանելիքներ պատրաստեցին, ու Շաբաթ օրը հանգչեցան՝ պատուիրանին համաձայն: |