ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 11
Armenian (Western): NT
1Առաքեալներն ու եղբայրները, որոնք Հրէաստանի կողմերն էին, լսեցին թէ հեթանոսներն ալ ընդունած են Աստուծոյ խօսքը: 2Երբ Պետրոս Երուսաղէմ բարձրացաւ, թլփատուածները կը վիճէին անոր հետ 3ու կ՚ըսէին. «Դուն անթլփատ մարդոց քով մտար եւ անոնց հետ հաց կերար»: 4Պետրոս ալ սկսաւ դէպքը կարգով բացատրել անոնց՝ ըսելով. 5«Ես կ՚աղօթէի Յոպպէ քաղաքը, երբ՝ վերացումի մէջ՝ տեսայ տեսիլք մը. անօթ մը՝ մեծ լաթի պէս, չորս ծայրերէն կախուած, իջաւ երկինքէն ու հասաւ մինչեւ ինծի: 6Մինչ կը դիտէի՝ աչքերս սեւեռած անոր վրայ, տեսայ երկրի չորքոտանիները, գազաններն ու սողունները, նաեւ երկինքի թռչունները: 7Ու լսեցի ձայն մը՝ որ կ՚ըսէր ինծի. “Կանգնէ՛, Պետրո՛ս, մորթէ՛ եւ կե՛ր”: 8Բայց ես ըսի. “Ամե՛նեւին, Տէ՛ր. որովհետեւ պիղծ կամ անմաքուր բան մը բնա՛ւ մտած չէ բերանս”: 9Կրկին այդ ձայնը երկինքէն պատասխանեց ինծի. “Ի՛նչ որ Աստուած մաքրեց, դուն պիղծ մի՛ սեպեր”: 10Ասիկա պատահեցաւ երեք անգամ, ու ամէն ինչ դարձեալ վեր քաշուեցաւ՝ դէպի երկինք: 11Եւ ահա՛ անյապաղ երեք մարդիկ՝ Կեսարիայէն ղրկուած ինծի՝ եկան ու կեցան այն տան առջեւ, ուր հիւրընկալուած էի: 12Հոգին ալ ըսաւ ինծի՝ որ երթամ անոնց հետ առանց տատամսելու: Այս վեց եղբայրներն ալ գացին ինծի հետ, ու մտանք այդ մարդուն տունը: 13Ան ալ պատմեց մեզի թէ ի՛նչպէս իր տան մէջ տեսաւ հրեշտակ մը, որ կայնած էր եւ կ՚ըսէր իրեն. “Մա՛րդ ղրկէ Յոպպէ ու կանչէ՛ Սիմոնը, որ Պետրոս մականուանեալ է: 14Ան խօսքեր պիտի ըսէ քեզի, որպէսզի փրկուիք՝ դուն եւ ամբողջ տունդ”: 15Երբ սկսայ խօսիլ, Սուրբ Հոգին իջաւ անոնց վրայ, ինչպէս նախապէս մեր վրայ ալ: 16Եւ յիշեցի Տէրոջ ըսած խօսքը. “Արդարեւ Յովհաննէս մկրտեց ջուրով, բայց դուք պիտի մկրտուիք Սուրբ Հոգիով”: 17Ուրեմն եթէ Աստուած տուաւ անոնց միեւնոյն պարգեւը՝ ինչպէս մեզի, երբ հաւատացին Տէր Յիսուս Քրիստոսի, ես ո՞վ էի՝ որ կարենայի արգիլել Աստուած»: 18Այս բաները լսելով՝ հանդարտեցան, ու փառաբանեցին Աստուած՝ ըսելով. «Ուրեմն Աստուած հեթանոսներո՛ւն ալ ապաշխարութիւն շնորհեց՝ կեանքի համար»:

19Ստեփանոսի մահէն ետք եղած հալածանքէն ցրուածները՝ հասան նաեւ մինչեւ Փիւնիկէ, Կիպրոս եւ Անտիոք, քարոզելով Աստուծոյ խօսքը ո՛չ մէկուն՝ բայց միայն Հրեաներուն: 20Անոնցմէ ոմանք կիպրացի ու կիւրենացի մարդիկ էին, որոնք երբ մտան Անտիոք՝ կը խօսէին Հելլենացիներուն հետ, աւետելով Տէր Յիսուսը: 21Տէրոջ ձեռքը անոնց հետ էր, եւ բազմաթիւ մարդիկ հաւատացին ու դարձան Տէրոջ: 22Այս բաներուն լուրը հասաւ Երուսաղէմի եկեղեցիին ականջը, եւ ճամբեցին Բառնաբասը՝ որ երթայ մինչեւ Անտիոք: 23Երբ ան եկաւ ու տեսաւ Աստուծոյ շնորհքը՝ ուրախացաւ, եւ կը յորդորէր բոլորն ալ՝ որ յարին Տէրոջ յօժար սիրտով՝՝. 24(քանի որ ինք բարի մարդ էր, Սուրբ Հոգիով ու հաւատքով լեցուն.) եւ մեծ բազմութիւն մը աւելցաւ Տէրոջ եկեղեցիին թիւին վրայ: 25Յետոյ Բառնաբաս մեկնեցաւ Տարսոն՝ փնտռելու Սօղոսը, ու գտնելով զայն՝ բերաւ Անտիոք: 26Անոնք լման տարի մը եկեղեցիին հետ հաւաքուելով՝ մեծ բազմութեան մը սորվեցուցին, եւ Անտիոքի՛ մէջ աշակերտները Քրիստոնեայ կոչուեցան առաջին անգամ:

27Այդ օրերը՝ Երուսաղէմէն մարգարէներ իջան Անտիոք: 28Անոնցմէ մէկը, Ագաբոս անունով, կանգնեցաւ եւ մատնանշեց Հոգիին զօրութեամբ՝ թէ մեծ սով մը պիտի ըլլայ ամբողջ երկրագունդին մէջ. ան ի՛րապէս եղաւ Կղօդիոսի օրերը: 29Ուստի աշակերտները որոշեցին օգնութիւն ղրկել Հրէաստանի մէջ բնակող եղբայրներուն, իւրաքանչիւրը իր եկամուտին համեմատ: 30Այդպէս ալ ըրին, ղրկելով զայն երէցներուն՝ Բառնաբասի ու Սօղոսի ձեռքով:



Armenian (Western): NT

Bible Hub

Acts 10
Top of Page
Top of Page