Armenian (Western): NT 1Ուստի, ո՛վ մարդ, ո՛վ ալ ըլլաս, դուն որ կը դատես՝ չունիս արդարացում. քանի որ ի՛նչ բանով որ կը դատես ուրիշը, անով կը դատապարտես դուն քեզ. որովհետեւ դուն որ կը դատես՝ կ՚ընես նո՛յն բաները:
2Բայց գիտենք թէ Աստուծոյ դատաստանը կը կիրարկուի ճշմարտութեամբ անոնց հանդէպ՝ որ կ՚ընեն այսպիսի բաներ:
3Ուստի, ո՛վ մարդ, դուն որ կը դատես այսպիսի բաներ ընողները, բայց կ՚ընես նոյն բաները, կը կարծե՞ս թէ զերծ պիտի մնաս Աստուծոյ դատաստանէն:
4Կամ թէ կ՚արհամարհե՞ս անոր քաղցրութեան, հանդուրժողութեան ու համբերատարութեան ճոխութիւնը, անգիտանալով թէ Աստուծոյ քաղցրութիւնը կ՚առաջնորդէ քեզ ապաշխարութեան:
5Բայց դո՛ւն՝ խստութեամբդ եւ անզեղջ սիրտովդ՝ բարկութիւն կը կուտակես քու վրադ բարկութեան օրուան համար, երբ Աստուծոյ արդար դատաստանը յայտնուի:
6Ան պիտի հատուցանէ իւրաքանչիւրին՝ իր գործերուն փոխարէնը.-
7յաւիտենական կեանք անոնց՝ որ համբերութեամբ յարատեւելով բարի գործերու մէջ՝ կը փնտռեն փառք, պատիւ եւ անմահութիւն.
8իսկ սրդողում ու բարկութիւն անոնց՝ որ հակառակող են, չեն անսար ճշմարտութեան բայց կ՚անսան անիրաւութեան.
9տառապանք եւ տագնապ ամէն մարդու անձին վրայ՝ որ չարիք կը գործէ,
10նախ Հրեային, ապա՝ Յոյնին. իսկ փառք, պատիւ ու խաղաղութիւն ամէն մէկուն՝ որ բարիք կը գործէ, նախ Հրեային, ապա՝ Յոյնին.
11որովհետեւ Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ: 12Բոլոր անոնք որ մեղանչեցին առանց Օրէնքի՝ պիտի կորսուին առանց Օրէնքի, եւ անոնք որ մեղանչեցին Օրէնքի տակ՝ պիտի դատուին Օրէնքով, 13(որովհետեւ Աստուծոյ առջեւ ո՛չ թէ Օրէնքը լսողները արդար են, հապա Օրէնքը գործադրողնե՛րը պիտի արդարանան. 14քանի որ հեթանոսները՝ որոնք Օրէնք չունին, երբ բնութեամբ կը գործադրեն Օրէնքին պարունակած բաները, Օրէնք չունենալով՝ բուն իրե՛նք կ՚ըլլան իրենց Օրէնքը. 15անոնք ցոյց կու տան թէ Օրէնքին գործը իրենց սիրտին մէջ գրուած է, իրենց խղճմտանքին միաժամանակ վկայութեամբ, ու իրենց մտածումներուն զիրար ամբաստանելով եւ կամ ջատագովելով,) 16այն օրը՝ երբ Աստուած պիտի դատէ մարդոց գաղտնիքները Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, իմ քարոզած աւետարանիս համաձայն: 17Ահա՛ դուն Հրեայ կը կոչուիս, կռթնած ես Օրէնքին, եւ կը պարծենաս Աստուծմով. 18գիտես անոր կամքը, կը զատորոշես տարբեր բաները՝ խրատուած ըլլալով Օրէնքէն, 19ու համոզուած ես՝ թէ առաջնորդ ես կոյրերուն, լոյս՝ խաւարի մէջ եղողներուն, 20կրթիչ՝ անմիտներուն եւ վարժապետ՝ երախաներուն, Օրէնքին մէջ ունենալով գիտութեան ու ճշմարտութեան արտայայտութիւնը: 21Ուրեմն դո՛ւն՝ որ ընկերիդ կը սորվեցնես՝ դուն քեզի՛ չես սորվեցներ: Կը քարոզես չգողնալ, բայց դո՛ւն կը գողնաս: 22Կ՚ըսես՝ շնութիւն մի՛ ըներ, սակայն դո՛ւն շնութիւն կ՚ընես: Կը զզուիս կուռքերէն, բայց դուն տաճա՛ր կը կողոպտես: 23Օրէնքով կը պարծենաս, եւ դո՛ւն Օրէնքը բեկանելով՝ Աստուա՛ծ կ՚անպատուես: 24Որովհետեւ ձեր պատճառով Աստուծոյ անունը կը հայհոյուի հեթանոսներուն մէջ, ինչպէս գրուած է: 25Արդարեւ թլփատութիւնը շահ կ՚ունենայ՝ եթէ կիրարկես Օրէնքը. իսկ եթէ յանցաւոր ես Օրէնքին դէմ, քու թլփատութիւնդ կ՚ըլլայ անթլփատութիւն: 26Ուրեմն եթէ անթլփատը պահէ Օրէնքին արդարութիւնը, միթէ թլփատութիւն պիտի չսեպուի՞ անոր անթլփատութիւնը, 27եւ բնիկ անթլփատը՝ Օրէնքը գործադրելով՝ պիտի չդատապարտէ՞ քեզ, որ գիրով ու թլփատութեամբ զանց կ՚ընես Օրէնքը: 28Որովհետեւ Հրեայ չէ ա՛ն՝ որ երեւոյթով է, եւ թլփատութիւն չէ ա՛յն՝ որ երեւոյթով է, մարմինով: 29Հապա Հրեայ է ա՛ն՝ որ ծածուկ է, ու իսկական թլփատութիւնը՝ սիրտի՛նն է, հոգիո՛վ եւ ո՛չ թէ գիրով. ու անոր գովեստը ո՛չ թէ մարդոցմէ է, հապա՝ Աստուծմէ: |