Armenian (Western): NT 1«Արդարեւ երկինքի թագաւորութիւնը նման է հողատիրոջ մը, որ առտուն կանուխ դուրս ելաւ՝ գործաւորներ վարձելու իր այգիին համար:
2Երբ համաձայնեցաւ գործաւորներուն հետ՝ օրը մէկ դահեկանի, ղրկեց զանոնք իր այգին:
3Երրորդ ժամուան՝՝ ատենները դուրս ելլելով՝ տեսաւ ուրիշներ, որոնք անգործ կայնած էին հրապարակը,
4ու ըսաւ անոնց. «Դո՛ւք ալ գացէք իմ այգիս, եւ կու տամ ձեզի ինչ որ իրաւացի է»:
5Անոնք ալ գացին: Դարձեալ դուրս ելաւ վեցերորդ ժամուան եւ իններորդ ժամուան ատենները, ու նո՛յնը ըրաւ:
6Տասնմէկերորդ ժամուան ատենները դուրս ելաւ, ուրիշնե՛ր գտաւ՝ որոնք անգործ կայնած էին, եւ անոնց ըսաւ. «Ինչո՞ւ հոս ամբողջ օրը անգործ կայնած էք»:
7Ըսին իրեն. «Որովհետեւ ո՛չ մէկը վարձեց մեզ»: Ըսաւ անոնց. «Դո՛ւք ալ գացէք այգին, ու պիտի ստանաք ինչ որ իրաւացի է»: 8Երբ իրիկուն եղաւ, այգիին տէրը ըսաւ իր տնտեսին. «Կանչէ՛ գործաւորները եւ տո՛ւր անոնց վարձքը՝ վերջիններէն սկսելով մինչեւ առաջինները»: 9Երբ եկան անոնք՝ որ տասնմէկերորդ ժամուան ատենները գացեր էին, ստացան մէկական դահեկան: 10Առաջինները գալով՝ կը կարծէին թէ աւելի՛ պիտի ստանան. բայց իրենք ալ ստացան մէկական դահեկան: 11Երբ ստացան՝ տրտնջեցին հողատիրոջ դէմ եւ ըսին. 12«Այդ վերջինները մէ՛կ ժամ աշխատեցան, բայց զանոնք հաւասար ըրիր մեզի՝ որ կրեցինք օրուան ծանրութիւնն ու տաքութիւնը»: 13Ան ալ պատասխանեց անոնցմէ մէկուն. «Ընկե՛ր, ես չեմ անիրաւեր քեզ. միթէ դուն ինծի հետ չհամաձայնեցա՞ր մէկ դահեկանի. 14ա՛ռ քուկդ եւ գնա՛: Կ՚ուզեմ որ տամ այս վերջինին՝ քեզի տուածիս չափ. 15միթէ արտօնուած չէ՞ ինծի՝ ընել ի՛նչ որ ուզեմ իմ ունեցածիս: Միթէ քու աչքդ չա՞ր է՝ որ ես բարի եմ»: 16Այսպէս՝ յետինները պիտի ըլլան առաջին, եւ առաջինները՝ յետին. որովհետեւ կանչուածները շատ են, բայց ընտրուածները՝ քիչ»: 17Երբ Յիսուս կը բարձրանար Երուսաղէմ, ճամբան իրեն հետ առաւ տասներկու աշակերտները՝ առանձին, եւ ըսաւ անոնց. 18«Ահա՛ կը բարձրանանք Երուսաղէմ, ու մարդու Որդին պիտի մատնուի քահանայապետներուն եւ դպիրներուն, ու մահուան պիտի դատապարտեն զինք. 19հեթանոսներուն պիտի մատնեն զինք՝ որ ծաղրուի, խարազանուի եւ խաչուի. բայց յարութիւն պիտի առնէ երրորդ օրը»: 20Այն ատեն Զեբեդէոսի որդիներուն մայրը եկաւ անոր իր որդիներուն հետ, կ՚երկրպագէր անոր ու բան մը կը խնդրէր անկէ: 21Ան ալ ըսաւ անոր. «Ի՞նչ կ՚ուզես»: Ըսաւ անոր. «Ըսէ՛, որ քու թագաւորութեանդ մէջ՝ այս երկու որդիներս բազմին, մէկը՝ աջ կողմդ, եւ միւսը՝ ձախ կողմդ»: 22Յիսուս պատասխանեց. «Չէք գիտեր թէ ի՛նչ կը խնդրէք: Կրնա՞ք խմել այն բաժակը՝ որ ես պիտի խմեմ, կամ մկրտուիլ այն մկրտութեամբ՝ որով ես պիտի մկրտուիմ»: Ըսին իրեն. «Կրնա՛նք»: 23Յիսուս ըսաւ անոնց. «Արդարեւ պիտի խմէ՛ք իմ բաժակս, ու պիտի մկրտուի՛ք այն մկրտութեամբ՝ որով ես մկրտուելու եմ. բայց իմ աջ կամ ձախ կողմս բազմիլը՝ իմս չէ տալը, հապա պիտի տրուի անո՛նց՝ որոնց համար պատրաստուած է իմ Հօրմէս»: 24Երբ միւս տասը աշակերտները լսեցին՝ ընդվզեցան այդ երկու եղբայրներուն դէմ: 25Իսկ Յիսուս իրեն կանչեց զանոնք եւ ըսաւ. «Գիտէք թէ հեթանոսներուն իշխաննե՛րը կը տիրապետեն անոնց վրայ, ու մեծամեծնե՛րը կ՚իշխեն անոնց վրայ: 26Բայց այդպէս թող չըլլայ ձեր մէջ. հապա ձեզմէ ո՛վ որ ուզէ մեծ ըլլալ՝ անիկա ձեր սպասարկո՛ւն թող ըլլայ, 27ու ձեզմէ ո՛վ որ ուզէ գլխաւոր ըլլալ՝ անիկա ձեր ստրո՛ւկը թող ըլլայ. 28ինչպէս մարդու Որդին եկաւ ո՛չ թէ սպասարկութիւն ընդունելու, հապա՝ սպասարկելու եւ իր անձը փրկանք տալու շատերու համար»: 29Երբ անոնք դուրս ելան Երիքովէն, մեծ բազմութիւն մը հետեւեցաւ անոր: 30Եւ ահա՛ երկու կոյրեր նստած էին ճամբային եզերքը. երբ լսեցին թէ Յիսուս կ՚անցնի, աղաղակեցին. «Ողորմէ՜ մեզի, Տէ՛ր, Դաւիթի՛ Որդի»: 31Բազմութիւնը կը յանդիմանէր զանոնք՝ որ լռեն, բայց անոնք ա՛լ աւելի կ՚աղաղակէին. «Ողորմէ՜ մեզի, Տէ՛ր, Դաւիթի՛ Որդի»: 32Յիսուս կանգ առնելով՝ կանչեց զանոնք եւ ըսաւ. «Ի՞նչ կ՚ուզէք որ ընեմ ձեզի»: 33Ըսին անոր. «Տէ՛ր, թող մեր աչքերը բացուին»: 34Յիսուս գթալով՝ դպաւ անոնց աչքերուն. իսկոյն անոնց աչքերը բացուեցան, ու հետեւեցան անոր: |