Armenian (Western): NT 1Պօղոս, Սիղուանոս եւ Տիմոթէոս, Թեսաղոնիկեցիներու եկեղեցիին՝ Հայր Աստուծմով ու Տէր Յիսուս Քրիստոսով. 2շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն, ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէ: Ամէն ատեն շնորհակալ կ՚ըլլանք Աստուծմէ՝ ձեր բոլորին համար, յիշելով ձեզ մեր աղօթքներուն մէջ, 3անդադար յիշելով ձեր հաւատքին գործը, սիրոյ աշխատանքը, եւ մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի յոյսին համբերութիւնը՝ Աստուծոյ ու մեր Հօր առջեւ, 4գիտնալով՝ սիրելի եղբայրներ՝ թէ Աստուած ընտրեց ձեզ: 5Որովհետեւ մեր աւետարանը քարոզուեցաւ ձեզի ո՛չ միայն խօսքով, այլ նաեւ զօրութեամբ, Սուրբ Հոգիով ու լման վստահութեամբ: Դո՛ւք ալ գիտէք թէ ի՛նչպէս կեցանք ձեր մէջ՝ ձեզի համար, 6եւ դուք նմանեցաք մեզի ու Տէրոջ, ընդունելով խօսքը շատ տառապանքի մէջ՝ Սուրբ Հոգիին ուրախութեամբ: 7Հետեւաբար դուք տիպար եղաք բոլոր հաւատացեալներուն՝ որ Մակեդոնիայի եւ Աքայիայի մէջ են, 8որովհետեւ ո՛չ միայն Մակեդոնիայի եւ Աքայիայի մէջ հռչակուեցաւ Տէրոջ խօսքը ձեզմէ, այլ նաեւ ամէն տեղ տարածուեցաւ Աստուծոյ վրայ ձեր ունեցած հաւատքը, այնպէս որ պէտք չունինք որեւէ բան խօսելու. 9քանի որ իրենք իրենցմէ կը պատմեն մեր մասին, թէ ինչպիսի՛ մուտք ունեցանք ձեր մէջ, եւ ի՛նչպէս դուք կուռքերէն դարձաք Աստուծոյ՝ ապրող ու ճշմարիտ Աստուծոյ ծառայելու համար, 10եւ երկինքէն սպասելու անոր Որդիին՝ որ ինք մեռելներէն յարուցանեց, այսինքն Յիսուսի, որ կ՚ազատէ մեզ գալիք բարկութենէն: |